2016-05-20 08:53:00

Կարդինալ ֆիլոնիի այցելութիւնը Քոլոմպիա` Միսիոներական ազգային գիտաժողովին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ`Կարդինալ Ֆերնանտօ ֆիլոնի` 21-28 Մայիս  2016-ին, Քոլոմպիան կ´այցելէ այնտեղ գլխաւորելու համար Միսիոներական ազգային գիտաժողովը ինչպէս նաեւ կարգ մը թեմերու մէջ նոր եպիսկոպոսներու օծման արարողութիւնները նախագահելու։

Կիրակի 22 Մայիսին Պոկոթա մայրաքաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Կարդինալ Ֆիլոնի չորս  նոր եպիսկոպոսներ պիտի օծէ։

Երկուշաբթի 23 Մայիսին Ան պիտի այցելէ Guapi առաքելական փոխանորդութիւնը ուր եւ պատարագ պիտի մատուցէ­, ապա հանդիպում պիտի ունենայ կղերին, կրօնաւորուհիներուն ու ժառանգաւորներուն հետ։ 24 Մայիսին Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը հանդիպում պիտի ունենայ Քոլոմպիական Ամազոնիայի բնիկներու հասարակութեան հետ մինչ Չորեքշաբթի 25 Մայիսին մայրաքաղաքին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ` Juan Manuel Santos-ի հետ։

Հինգշաբթի 26 մայիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, Կարդինալ Ֆիլոնի կ´ուղղուի դէպի Bucaramanga, ուր յետ միջօրէին բացումը կը կատարէ 12-րդ Միսիոներական ազգային գիտաժողովին։ Յաջորդ օրը` ուրբաթ 27 Մայիսն Ծիրանաւորը կ՛արտասանէ իր առաջին զեկոյցը եւ շաբաթ` 28 մայիսին միսիոնարներու առաքումի պատարագը մատուցանելէ ետք կ՛ուղղուի մայրաքաղաք` ուրկէ վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.